Nişanyan Hotel

Şirince, Selçuk, İzmir

+90 (232) 898 3208

+90 (533) 304 0933

reserve@nisanyan.com

tripadvisor

booking

Ինչո՞ւ նախընտրել «Նշանեան» պանդոկը։

«Նշանեան» պանդոկի շրջապատը գեղեցիկ է։ Վայր մըն է, որ կենսախինդ կը դարձնէ մարդը, եւ տակաւին տգեղացած չէ մարդկային ձեռքով։ Պանդոկի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը ցոլացնէ մեր Պոլսեցի ճաշակը, ազնիւ, բայց նաեւ համեստ ։

Այնտեղ կայ աւելի քան քսան սենեակներ եւ անկախ տուներ. մերթ հինաւուրց քոնաք մը, մերթ որմնանկարներով զարդարուած սենեակ մը, մերթ ալ բնութեան գոգը խրճիթ մը. Տեղեր, ուր մտնելու պահուն իսկ մարդ յոգոց կը հանէ։ Ոմանց լոգարանը քերթուած մըն է։ Փոքր անտառակի մը մէջ ունինք մարմարեայ լողաւազան մը։ Ունինք Մարտակոչի աշտարակը (Hodri Meydan Kulesi), որ կը կրէ հետքերը անցեալի պայքարներուն։

«Նշանեան» պանդոկը, որ արտայայտութիւնն է անուանի գրող Սեւան Նշանեանի ու իր նախկին կնոջը Միւժտէ Թէօնպեքիճիի վաստակին, այժմ կը կառավարուի իրենց դստեր՝ Իրիսի կողմէ։

Ինչպիսի՞ տէղ է

Շիրինճէի ամենաբարձր կէտին վրայ, գիւղի «թուռիսդական» տաղտուկէն հեռու տեղ մըն ենք։ Սահման չունի մեր տարածքը, ուր կան բլուրներ, լանջեր, վտակներ, անտառակներ, հազարաւոր պտղածառեր, բանջարանոցներ, թաքուն լողաւազան մը, խաւար ջրհոր մը, հնադարեան աշտարակ մը եւ տուներ, որոնք կը թուին թէ հարիւրամեակներու հնութիւն ունին:

Քէօշկն (Köşk) ու Աշտարակաւոր քոնաքը (Kuleli Konak) իջեւանատուներ են, որոնք ունին հինգական առանձնասենեակներ։ Սուրբ Եղիայի բլուրը (İlyastepe) գրեթէ անջատ գիւղ մըն է. հիանալի բնութեան մը գոգին, պարզ, սակայն հանգստաւէտ եօթը տունէ բաղկացած է։ «Նշանեան» պանդոկի պսակը հանդիսացող երկու Մեծ տուներուն 2023-ին միացաւ երրորդ մը եւս։
Սեղմեք «Սենյակների» համար

Ինչե՞Ր Կան։

Ինչե՞Ր Կարելի Է։

Ո՞Ւր Երթալ

Կերակուրի աշխատանոց

Բարեւ։ Ես Միւժտէ Թէօնպէքչին եմ։ Պանդոկի խոհանոցը ըստ իս մեր հաստատութեան սիրտն է։

Մեր ընդարձակ պարտէզներու մէջ եղանակի բանջարեղէնի տեսակներ, հոտաւէտ անանուխ, ռեհան, ուրց կը բուսցնենք։ Ճաշերը, որ կը մատուցենք ճաշարանի մէջ, ես ինքս կը ծրագրեմ ու կը պատրաստեմ իմ օգնականներու հետ։ Բանջարեղէնը, միսը, ձուկը կ՚եփեմ եգէականի համեղ աւանդութիւններու համաձայն…
Կարդալ ավելին

Հիմնադիրներն Ու Հիւրընկալը

  • Սեւան Նշանեան.. Անուանի լեզուագէտ ու գրող։ Հեղինակ է «Նշանեան բառարան», «Տեղանուններու բառարան» եւ «Թուրքիոյ Անձննուններու բառարան» երկերու։ Երկար տարիներ Միւժտէ Թէօնպէքչիի հետ հրատարակած է «Պզտիկ պանդոկներու գիրքը»։ Ծրագրեց ու կառուցեց «Նշանեան» պանդոկը, Թուաբանութեան գիւղն (Matematik Köyü) ու Թատրոնի ճեմարանը (Tiyatro Medresesi)։ Aյժմ կը բնակի արտասահմանի մէջ։ Շիրինճէի տեսարժան վայրերէն մէկն է Նշանեանի ժայռափոր շիրիմը՝ Քայսեր լերան վրայ։ Սեւան Նշանեանի գիրքերը պատուիրելու համար սեղմեցէ՛ք։
  • Միւժտէ Թէօնպէքիճի.. Բնիկ պուրսացի ու զուիցերացի։ «Պզտիկ պանդոկներու գիրքը»ի համահեղինակ։ Տարիներէ ի վեր ձեւաւորած է « Նշանեան» պանդոկի հոգին։ Իր ծրագրած ու վարած Կերակուրի աշխատանոցը շատերու համար կը կազմէ Շիրինճէի փորձառութեան գագաթը։
  • Իրիս Նշանեան-Վուրալ. Զբօսաշրջութեան ու պանդոկի կառավարումի կրթութիւնը ստացած է Զուիցերիոյ Swiss School of Tourism and Hospitality։ Ամուսնացած է Քաանի հետ։ Մայր է զաւակի մը։
up whatsapp