-
Սեւան Նշանեան.. Անուանի լեզուագէտ ու գրող։ Հեղինակ է «Նշանեան բառարան», «Տեղանուններու բառարան» եւ «Թուրքիոյ Անձննուններու բառարան» երկերու։ Երկար տարիներ Միւժտէ Թէօնպէքչիի հետ հրատարակած է «Պզտիկ պանդոկներու գիրքը»։ Ծրագրեց ու կառուցեց «Նշանեան» պանդոկը, Թուաբանութեան գիւղն (Matematik Köyü) ու Թատրոնի ճեմարանը (Tiyatro Medresesi)։ Aյժմ կը բնակի արտասահմանի մէջ։ Շիրինճէի տեսարժան վայրերէն մէկն է Նշանեանի ժայռափոր շիրիմը՝ Քայսեր լերան վրայ։ Սեւան Նշանեանի գիրքերը պատուիրելու համար սեղմեցէ՛ք։
-
Միւժտէ Թէօնպէքիճի.. Բնիկ պուրսացի ու զուիցերացի։ «Պզտիկ պանդոկներու գիրքը»ի համահեղինակ։ Տարիներէ ի վեր ձեւաւորած է « Նշանեան» պանդոկի հոգին։ Իր ծրագրած ու վարած Կերակուրի աշխատանոցը շատերու համար կը կազմէ Շիրինճէի փորձառութեան գագաթը։
-
Իրիս Նշանեան-Վուրալ. Զբօսաշրջութեան ու պանդոկի կառավարումի կրթութիւնը ստացած է Զուիցերիոյ Swiss School of Tourism and Hospitality։ Ամուսնացած է Քաանի հետ։ Մայր է զաւակի մը։