Կերակուրի աշխատանոց

Բարեւ։ Ես Միւժտէ Թէօնպէքչին եմ։ Պանդոկի խոհանոցը ըստ իս մեր հաստատութեան սիրտն է։

Մեր ընդարձակ պարտէզներու մէջ եղանակի բանջարեղէնի տեսակներ, հոտաւէտ անանուխ, ռեհան, ուրց կը բուսցնենք։ Ճաշերը, որ կը մատուցենք ճաշարանի մէջ, ես ինքս կը ծրագրեմ ու կը պատրաստեմ իմ օգնականներու հետ։ Բանջարեղէնը, միսը, ձուկը կ՚եփեմ եգէականի համեղ աւանդութիւններու համաձայն… Երբեմն կը համադրեմ նաեւ իմ կատարած այցելութիւններէ ներշնչուած համերը։ Ամէն տարի, մեր ձիթապտուղներով կ՚արտադրենք շուրջ մէկ թոն իւղ։ Դժբախտաբար չենք կրնար վաճառել։ Հազիւ մեր պահանջքը կը բաւարարէ։ Թուրքիոյ հանրային ԹՌԹ հեռատեսիլի կայանի ու Պի.Պի.Սիի համար ուստեստեղէնի վերաբերեալ հաղորդումներ ալ պատրաստած եմ։

Կ՚ուզեմ ձեզ հրաւիրել կերակուրի աշխատանոցներուն։ 2-3 ժամուան աշխատանքով մը թրքական ու արեւմտեան խոհանոցէ համեղ ու դիւրին նմուշներ կը պատրաստենք։ Թէ՛ պիտի եփենք, թէ պիտի զրուցենք։ Պիտի տեսնէք, որ դժուար չէ։ Այս առթիւ դուք ձեզի օր մը եւս նուիրեցէք Շիրինճէի մէջ։ Վայելեցէք աւազանը կամ բաղանիքը, մեր պատմական գիւղի սրճարանի մէջ տեղացիներու հետ թէյ կամ սուրճ խմեցէք, ձեր բաժակին նայիլ տուէք։ Մի խօսքով՝ ծուլութիւն ըրէք։

2-3 տարիէ ի վեր հետաքրքրուած եմ, թէ յոյներն ու հռոմէացիները հազարաւոր տարիներ առաջ ինչպէ՞ս կերակուր կը պատրաստէին այս նոյն մթերքներով։ Այս նիւթի մասին կրթութիւն ստացայ։ Հին աշխարհի կարում կոչուած համ հարստացնող նիւթը ինքս կ՚արտադրեմ ու կը պատրաստեմ հռոմէական ճաշի խրախճանք մը։

 

Դասընթացքի մասին

Ճաշացուցակի օրինակ՝ Երեք տեսակ ձիթաիւղով ճաշ, Շիրինճէի ոճով կաւէ սանով ճաշ, բանջարեղէնով թէ հորթի մսով, պաղպաղակով հրուշակ եւ այլ անակնկալներ։

Առնուազն ՉՈՐՍ անձ։

Սիրով…

up whatsapp