«Նշանեան» պանդոկի շրջապատը գեղեցիկ է։ Վայր մըն է, որ կենսախինդ կը դարձնէ մարդը, եւ տակաւին տգեղացած չէ մարդկային ձեռքով։ Պանդոկի իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը ցոլացնէ մեր Պոլսեցի ճաշակը, ազնիւ, բայց նաեւ համեստ ։
Այնտեղ կայ աւելի քան քսան սենեակներ եւ անկախ տուներ. մերթ հինաւուրց քոնաք մը, մերթ որմնանկարներով զարդարուած սենեակ մը, մերթ ալ բնութեան գոգը խրճիթ մը. Տեղեր, ուր մտնելու պահուն իսկ մարդ յոգոց կը հանէ։ Ոմանց լոգարանը քերթուած մըն է։ Փոքր անտառակի մը մէջ ունինք մարմարեայ լողաւազան մը։ Ունինք Մարտակոչի աշտարակը (Hodri Meydan Kulesi), որ կը կրէ հետքերը անցեալի պայքարներուն։
«Նշանեան» պանդոկը, որ արտայայտութիւնն է անուանի գրող Սեւան Նշանեանի ու իր նախկին կնոջը Միւժտէ Թէօնպեքիճիի վաստակին, այժմ կը կառավարուի իրենց դստեր՝ Իրիսի կողմէ։